ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ «ՎԵԶԻՒՎԻ ՏԵՍԱՐԱՆԸ» ԳՈՐԾԸ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ԱՃՈՒՐԴԻ ՊԻՏԻ ՀԱՆՈՒԻ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ
Աշխարհի կարեւորագոյն աճուրդի ընկերութիւններէն «Տորոթէում»ի Փրակի մասնաճիւղը վաճառքի դրած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «Վեզիւվի տեսարանը» կտաւը։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, հաւանական է, որ Այվազովսքիի այս գործին աճուրդը տեղի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 28-ին։