Ընկերա-մշակութային
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆՈՐ ԳԻՐՔ ՄԸ
Պատրիարքական Աթոռը ներկայիս լոյս ընծայած է «Մեծ պահոց կիրակիներու ոսկի շղթան» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան։
ՄԻՆԱՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԸ
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Քառասուն տարի առաջ, 1975 թուականի Փետրուարին, Երեւանի մէջ, առեղծուածային արկածի հետեւանքով կեանքէն հեռացաւ 20-րդ դարու հայ հանճարեղ նկարիչներէն մէկը՝ Մինաս Աւետիսեան, որ հայ արուեստի պատմութեան մէջ մնաց Մինաս անունով:
«ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔԸ»
«Այրընթը» հրատարակչութիւնը «Ընդյատակեայ գրականութիւն» մատենաշարով հրատարակեց Հայաստանի գրականութեան երիտասարդ ու նոր հեղինակներէն Յովհաննէս Թէքկէօզեանի «Փախչող քաղաքը» (Kaçan Şehir) վէպը։ Այս ստեղծագործութիւնը շարժապատկերի վերացական պատում մըն է, ուր միահիւսուած են խորհրդաւորն ու քաղաքային կերպարները, պատկերելին ու ծիծաղելիի նուրբ անցումները։ Հերոսներու իւրօրինակ վարքագիծերը կը բացայայտուին հոգեբանական հարցազրոյցներու, շարժարուեստի հնարքներու, դիցաբանական պատումի եւ բջջային պատգամներու միջոցով
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
«ՏՈՒՏՈՒԿ ԱՆԱՏՈԼԻԱ» ՀԱՄԵՐԳԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
«Տուտուկ Անատոլիա» համերգը երէկ իրիկուն կայացաւ Թաքսիմի «60m2» կոչուած սրահին մէջ։ Անուանի տուտուկահար Սուրէն Ասատրեանի կողքին բեմ առին հարուածային գործիքներու սիրուած անուններէն Հերման Արթուչ, դասական կիթառի տաղանդաւոր դէմքերէն Ռոնի Առան Ատըպելլի եւ ճազային կիթառի մասնագէտ Ճէմ Նասուհօղլու։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻ ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՄՈՅՇՆԵՐՈՎ
Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարանը արդէն առարկայ կը դառնայ գեղարուեստասէրներու եւ ստեղծագործական շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Թէեւ տակաւին շատ կարճ ժամանակ անցած է այս թանգարանի պաշտօնական բացումէն ի վեր, սակայն այնտեղ ստեղծուած է մեծ եռուզեռ։
Նոր Հայու Տեսակ՝ Ֆէյսպուքահայ
Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը, սանկ, տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՚ըլլայ, եւ որ անախորժ լուրով եւ կամ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ եւ պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ եւ՝ շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած:
1915 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԾԱԾԿԱԳԻՐԸ
2015-ի տարելիցի շրջանին «Tarih Vakfı»ի կողմէ կազմակերպուած ելոյթներու շարքը կը շարունակուի:
Տնտեսագէտ Նեւզատ Օնարան կալուածներու ձեռք փոխելու վերաբերեալ հարցերը մեկնաբանեց այն իրաւական ու քաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ, որոնք Հանրապետութեան հիմնադրութեան առաջին տարիներուն հետ եւս առընչութիւն ունին: