ԷՍԱԵԱՆՑԻ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷ
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքը, ուր մասնակցութիւն բերին աշխատանոցի մը, որ կազմակերպուած էր «Էրասմուս» ծրագրի շրջանակէն ներս։
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ անցեալ շաբթուան մէջ այցելեցին Յունաստանի Թեսաղոնիկէ քաղաքը, ուր մասնակցութիւն բերին աշխատանոցի մը, որ կազմակերպուած էր «Էրասմուս» ծրագրի շրջանակէն ներս։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ՝ հայկական ժողովրդական երաժշտութեան առանցքային անուններէն Սայաթ Նովային ձօնուած փառատօն մը, որ կազմակերպուած էր երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի հսկողութեան ներքեւ։
Մերի Թաքսի Տեւէճեան եւ Արաս Եոլուսեւէր համադրեցին ուշագրաւ վիճակագրական տուեալներ:
Պոլսահայ լիսէներու շրջանաւարտները վերջին 5 տարիներուն ինչ նախընտրութիւն ունեցած են համալսարան մուտքին:
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին դէպի Տիարպաքըր կազմակերպուած ուխտագնացութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Սա իսկապէս դէպքի մը վերածուած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ուր գաւառի մեր ժառանգութեան վերաբերեալ զգայնութիւնները միշտ կը մնան արծարծուած։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Ալին Շէնճանը, Առլէթ Կիւնթէրը եւ Մաննիկ Ներկիսօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արամեան սանուց միութենէն ներս վերջին շրջանին ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քաղաքավարական այց մը տուին կուսակալ Քարալօղլուին:
Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ օծումը Տիարպաքըրի մէջ համախմբած է աշխարհի զանազան վայրերէն բազում ուխտաւորներ:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդէս մը՝ այս շաբաթավերջի Մայրերու օրուան առթիւ։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերն էին մանկապարտէզի փոքրիկներու մայրերը։
Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն կը հիւրընկալէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանը, որ Գուգարաց թեմի առաջնորդն է։ Նորին Սրբազնութիւնը երէկ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Սա համոյթի այս շրջանի երկու ելոյթէն մին էր։ Ներկայ շարքը ձօնուած է Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելեանին։