ՊԱՐԸ՝ ԲՈԼՈՐԻ ԼԵԶՈՒՆ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Էսաեան սանուց միութիւնը թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 75-ամեակը, ինչ որ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կ՚առթէ ո՛չ միայն էսաեանցիներուն, այլեւ՝ մեր ամբողջ համայնքին։ 75-ամեայ սանուց միութիւնը հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր բազմակողմանի գործունէութիւն ծաւալած է՝ միշտ գիտակցելով հայ մշակոյթի շարունակականութեան ու սերունդէ սերունդ փոխանցման կարեւորութիւնը։