ՀԱՄԵՐԳԸ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ
Սիպիլի ելոյթը խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ համայնքի երաժշտասէրներուն վրայ:
Յայտնի մեներգչուհիի մասնակցած բացառիկ ձեռնարկին մասին արձագանգները կը շարունակուին՝ դրուատալի տողերով:
Սիպիլի ելոյթը խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ համայնքի երաժշտասէրներուն վրայ:
Յայտնի մեներգչուհիի մասնակցած բացառիկ ձեռնարկին մասին արձագանգները կը շարունակուին՝ դրուատալի տողերով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց՝ համայնքէն ներս ընկերային զօրակցութեան ամրապնդման հետամուտ «Բարեկամ» խումբի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան եւ ծրագրերուն շուրջ բացատրութիւններ ներկայացուցին։
Պետական իշխանութիւնները նոր կանոնադրութեան մշակման գործընթացը յառաջ կը տանին՝ կատարելագործեալ համակարգի մը հաստատման սպասումներու մթնոլորտով:
Երկրորդ խորհրդակցութիւնը…
Ոչ-իսլամ փոխրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեանց հարցի լուծման ուղղութեամբ պատրաստութիւնները կ՚ընթանան պատկան մարմիններէ ներս աշխատանքով՝ պարբերական շփումներով հանդերձ: Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէի գլխաւորութեամբ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շաբաթավերջին այցելեց Պատրիարքարան եւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Խրվաթիոյ աւագ հիւպատոս տքթ. Իվանա Զերեքը, որ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Գումգաբու՝ ծանօթանալու համար Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։
Գալֆաեան Տան Զ. դասարանի սաներէն Ալին Սու Եամաչ եւ Եուլիանա Էրտէմ վերջերս մանսակցեցան մրցոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Թուրքիոյ Միջվարժարանային մտային խաղերու հիմնարկին կողմէ։ Իրենց ապահոված աստիճանով անոնք իրաւունք շահեցան մասնակցելու այդ մրցոյթի յաջողդ փուլին, որ նախատեսուած է այս ամսավերջին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, որ արդէն երդուելով ձեռնարկած է իր պաշտօնին։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սէրտար Արաս Շահին, որ հաստատութեան նախկին սաներէն է ու վերջերս հրատարակած է գիրք մը։ «Սահմանափակուած կեանքեր» կը կոչուի իր հեղինակած նորատիպ գիրքը, որու բովանդակութիւնը պայմանաւորեց դպրոցին մէջ աշակերտներու հետ կազմակերպուած ջերմ զրոյցին մթնոլորտը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց յայտնի մեներգչուհի Սիպիլը, որ վերջին օրերու Պէյրութի համերգով լիբանանահայութեան մեծ համակրանքին առարկայ դարձաւ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը արտայայտեց հայրական գնահատանքը Սիպիլի արուեստին նկատմամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Գարասուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլի Պէյրութի համերգը դարձած է իսկական գեղարուեստական դէպք մը։ Ան խոր տպաւորութիւն գործած է լիբանանահայ երաժշտասէրներուն վրայ, որոնք ջերմօրէն ողջունած են զինքը։