ՊՈՒՐՈՒՆՔԸՇԼԱՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ԵՒ ՀՈԳԵՃԱՇԸ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ պուրունքըշլացիներու (Եոզղատ) աւանդական հաւաքը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս Համբարձման տօնը բնորոշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 191-րդ տարեդարձով:
Շիշլի մարզակումբի 43-րդ շրջանի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան եւ արդիւնքին՝ պաշտօնի կոչուեցաւ նորընտիր վարչութիւնը։ Համագումարը տեղի ունեցաւ ակումբի հաւաքատեղիին մէջ։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու Համբարձման տօնի երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մասնաւորապէս անդրադարձաւ՝ հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի համայնքապատկան կալուածի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար ձեռնարկուած երկարաշունչ աշխատանքին։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցան մեներգչուհի Այշէնուր Քոլիվար, դուստրն ու «Վովա» խումբի հիմնադիր Հիքմէթ Չիչէք։ Ինչպէս ծանօթ է, Այշէնուր Քոլիվար կը մեկնաբանէ Համշէնի շրջանի ժողովրդական երգեր եւ վերջերս մեներգչուհի Սիպիլին հետ ալ համատեղ ելոյթներ ունեցաւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ՝ Մայրերու օրուան ձօնուած հանդէս մը, որու ընթացքին աշակերտները թէ՛ իրենց մայրերուն եւ թէ իրենց ուսուցչուհիներուն նկատմամբ արտայայտեցին իրենց սէրը։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին այցելեց Եւրոպայէն ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Եւրոպացի այս ուխտաւորները կը պատկանէին «Կեանքի կանչ» համայնք-միաբանութեան։
28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովին մէջ պաշտօն պիտի կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ յաջողեցաւ երեսփոխան ընտրուիլ երէկուան ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Ան մաս պիտի կազմէ ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ շաբաթավերջին այցելեց Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն ունեցան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ: