Թրքահայ կեանք

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը, որով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ աշակերտութեան մօտ։ Դպրոցի հանդիսասրահը վերածուած էր տօնախմբութեան միջավայրի մը։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՈՒՐՔ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ յետմիջօրէին, ընդունեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան աւագ հիւպատոս Սենիհա Պիրանտ Չընարի եւ իր ընկերակիցներուն այցելութիւնը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ սոյն այցելութիւնը, որու ընթացքին աւագ հիւպատոսը ծանօթացաւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։

Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆԻ ԳԻՐՔԸ ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչը, որու հետ էին նաեւ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նաթալի Պաղտատ-Քոճապայ։ Այցելութեան ընթացքին Ուսուցչաց հիմնարկի ներկայացուցիչները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի յօդուածներու ժողովածոն։

ԿՈՐՈՒՍՏ, ԶՐԿԱՆՔ…

Տիգրանակերտի վերջին վկան հրաժեշտ առաւ՝ աւանդելով վիթխարի վաստակ մը, որ հայ գիւղագրութեան ժառանգութեան արդի շրջանի առանցքը բնորոշած ծաւալուն արտադրանքով արժանացած է համատարած գնահատանքի ու տակաւին կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ:
Մկրտիչ Մարկոսեանի մահով թրքահայութեան երկնակամարէն կը սահի՝ իմաստութեան կերպարի մը աստղը:

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հայոց հաւատքի հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի յիշատակութեան հերթական տօնը Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ շաբաթ առաւօտ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն մասնակցեցան հոծ թիւով հաւատացեալներ։

ՈՉ ԵՒՍ Է ՅԱՅՏՆԻ ԴԵՂԱԳՈՐԾ ԱՆԻ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի դեղագործներէն Անի Համամճեան։ Այս կորուստը իսկապէս խոր ցաւ յառաջացուցած է, որովհետեւ Անի Համամճեան թէ՛ իր ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններով ծանօթ էր եւ թէ արժանացած էր բոլորի համակրանքին։

Էջեր