ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ
Նորին Ամենապատուութիւնը դարձեալ խորհրդակցեցաւ համայնքային լիսէներու տնօրէններուն հետ:
Պատրիարքական Աթոռը հետեւողական աշխատանք կը տանի պոլսահայ կրթական կեանքի կենսունակութեան համար:
Նորին Ամենապատուութիւնը դարձեալ խորհրդակցեցաւ համայնքային լիսէներու տնօրէններուն հետ:
Պատրիարքական Աթոռը հետեւողական աշխատանք կը տանի պոլսահայ կրթական կեանքի կենսունակութեան համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ քէրմէս մը կազմակերպած էր ի նպաստ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին։ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ իրականացուած այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց թաղեցիներ եւ համակիրներ, որոնք Ամանորի ընդառաջ իրենց տրամադրութեան տակ դրուած՝ տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէններուն նկատմամբ ցուցաբերեցին մօտիկ հետաքրքրութիւն։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Այս տարի եւս առցանց կազմակերպուած քէրմէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Պատրիարքական Աթոռի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբին շփումները:
Խաչիկ Ճանէլ եւ իր գործակից ընկերները երէկ հիւրընկալուեցան Ֆաթիհի քաղաքապետին կողմէ:
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կը շարունակէ իր նպաստը բերել մեր կրթական կեանքին՝ միշտ խրախուսելով նոր սերունդի ուսումնառութիւնը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը հետեւողականօրէն կը շարունակէ կրթաթոշակներ յատկացնել՝ Փալաքաշեան կտակի միջոցներով։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը, ընդունեց քաղաքիս մէջ գործող համաքաղաքացիական միութիւններու ատենապետները։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Մետենիյէթ համալսարանի Գեղարուեստի, ծրագրաւորման եւ ճարտարապետական ֆաքիւլթէի թրքական երաժշտութեան բաժնի դասախօսներ տոց. տքթ. Սամի Տուրալը, որուն կ՚ընկերանային նոյն բաժնէն՝ տքթ. Էրտալ Քըլըճ եւ Սեմիհ Էօզտեմիր։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Երբ ամէն տարի կը հասնի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի տարեկան տօնախմբութիւնը, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր տաճարը, յատուկ հոգեհանգստեան արարողութեան հիւրընակալը կը դառնայ, նկատի ունենալով, որ տաճարի գաւթի աջակողմեան անկիւնը կը գտնուի Կ.Պոլսոյ երանաշորհ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմաքարը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հայկական ձեռակերտ խաչքար մը նուիրեց կարտինալ Քուրտ Քոխին:
Վատիկանի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Գումգաբուի մէջ: