ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԵՇԻԼԳԻՒՂԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր յետմիջօրէին ընդունեց խումբ մը եշիլգիւղցի ծնողներն ու իրենց զաւակները։ Այս տղաքը իրենց ընկերներուն հետ համավարակի շրջանին հետեւած էին Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի հեռակայ դրութեամբ աւանդած դասերուն։