ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գանատայէն եւ Ռուսաստանէն երկու հայ գիտնականներ, որոնց ճամբան այս շրջանին ծրագրի մը համար խաչաձեւուած է Երեւանի մէջ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Հրանդ Երիցկինեան եւ Արտեմ Վանեան, որոնք այս օրերուն ճանաչողական այցելութեամբ Իսթանպուլի մէջ կը գտնուին։