ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՆՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ՝ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած մանկանց Ամանորի աւանդական խրախճանքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան համայնքային բոլոր վարժարաններէն աշակերտական խումբեր։