ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերջին Արեւագալին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ս. Խաչ դպրեվանքի պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ խնամակալութեան ատենապետ Էօզկիւր Տեմիրճիի եւ վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն առթիւ տեղւոյն թաղային խորհուրդը հիւրընկալեց նաեւ Կղզեաց քաղաքապետ Էրճան Աքփոլատը։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Yüzyıllardır bu coğrafyada varolan kadim bir halk olan Ermeniler hakkında Bolu Belediye Başkanı Sayın Tanju Özcan’ın, yaptığı paylaşımda “Ermeni” kelimesini nefret ve ırkçı bir söylemle sarfetmesini derin bir üzüntü ile karşılıyoruz.
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի մտախաղերու խումբը կը շարունակէ ծափահարելի յաջողութիւններ արձանագրել։ Պէշիկթաշի կրթական նախարարութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուած՝ տուեալ գաւառակի միջվարժարանային մտախաղերը հանդիսացան այն հարթակը, ուր Թարգմանչացի սաները հերթական նուաճումը արձանագրեցին։
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ կազմակերպեց քէրմէս մը։ Աւանդական երկօրեայ այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ դպրոցին զօրակցութիւն ապահովելու նպատակին տեսակէտէ։
Son günlerde kamuoyuna yansıyan ve Ermeni toplumunu hedef alan ırkçı söylemler Süryani Katolik Toplumumuzu rahatsız etmiştir.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Bu topraklarda yüzyıllardır yaşayan Ermeni toplumu, bu ülkenin köklü ve ayrılmaz bir parçasıdır. Bu kadim halk, tarih boyunca bu topraklara kültürel, ekonomik ve toplumsal açıdan önemli katkılarda bulunmuş, bugün de aynı kararlılıkla varlığını sürdürmektedir.