ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս մէջ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէյի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս։