ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը։ «Հոգւոյս գոյները» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, որոնք կը համակրին Պերճուհի Պէրպէրեանի ստեղծագործութեան։