Թրքահայ կեանք

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու ուղղութեամբ եւ այդ ջանքերուն պտուղներն ալ աստիճանաբար կը քաղէ։ Շիշլիցիները վերջին օրերուն այս առումով մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ ականատես ըլլալով այդ հետեւողական ջանքերու արդարացման հերթական դրսեւորման։

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՌՑԱՆՑ ԾՐԱԳԻՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուի ջանքերով ստեղծուած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանիչը, որ կառուցուած է Մեթայի (Դիմատետրի) «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։

ԱՐՈՒԵՍՏ, ՎԱՍՏԱԿ, ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները այս շաբաթավերջին ժամադրուած են եզակի ձեռնարկի մը։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ ու տիրական դէմքերէն Ճուլիա Մութլու կը նշէ իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ այս յոբելեանը բոլորին կողմէ կը համարուի բացառիկ իրադարձութիւն մը։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿԸ

Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի կազմը յաւակնոտ մեկնարկ մը ըրաւ 2023-2024 եղանակին։ Շիշլիցիները, որոնք վերջին երկու տարիներուն ախոյենութիւն տօնեցին, ներկայ շաբթուան առաջին կէսին Իւրկիւփ մեկնած էին՝ նոր եղանակի սկզբնական փուլի հանդիպումներուն առթիւ։

ՅԱԿՈԲ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄ

Մեր համայնքէն Յակոբ Շիրինօղլու անդամակցեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբին։ Անցեալ շաբաթավերջին, Կալաթասարայ լիսէի նշանաւոր, պատմական «Թեւֆիք Ֆիքրէթ» սրահի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մարզակումբի նոր անդամներու ընդունման առթիւ:

ՍԷՐԼԻ ՍԵԴԱ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Մեր համայնքէն Սէրլի Սեդա Նշանեանի բեմադրութեամբ այս շրջանին կը բեմադրուի թատերական ներկայացումներու շարք մը, որ «Տերեւ արթ»ի անդրանիկ նախագիծն է։ «Borderline» կը կոչուի այս թատերական ներկայացումը, որու բեմագիրն է Քաան Էրքան։

Էջեր