ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «SIFIR ATIK» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնարկը նոր հաստատուած է եւ անոր նպատակն է նպաստել թափօններու քանակութիւնը իջեցնելու ուղղեալ ջանքերուն՝ զանոնք ի վերջոյ հասցնելու համար զերոյական մակարդակի։ 
Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին երկու օրերուն Աթագիւղի Ողիմպիական մարզասրահին մէջ մասնակցեցան Իսթանպուլի՝ մինչեւ 12, 14 եւ16 տարեկաններու քաղաքային զտման։ Շիշլիցիներուն տեսակէտէ սա եղաւ կարեւոր առիթ մը փորձառութիւն ձեռք բերելու տեսակէտէ։
Պոլսահայ վարժարաններու տնօրէնները երէկ կարեւոր ժողովի մը մասնակցեցան՝ Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութենէն ներս։ Այս ժողովը նախատեսուած էր քաղաքիս բոլոր փոքրամասնական վարժարաններու ղեկավարներուն համար եւ, հասկնալիօրէն, մասնակիցներու շարքին գերակշիռ էին հայկական վարժարաններու տնօրէնները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանի տօնական հոգեւոր ուրախութենէն բաժին կը վիճակի նաեւ գաւառի հայութեան։ 
Գարակէօզեան տան ընտանիքը կը շարունակէ հետեւողականօրէն յարգանք դրսեւորել հաստատութեան լուսահոգի հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յիշատակին նկատմամբ։ Գարակէօզեանցիները երախտագիտութեան մէջ չեն թերանար եւ ամէն տարի կ՚ոգեկոչեն մեծանուն բարերարը, որ դրած է որբանոցին հիմքերը։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական հոգեւոր համերգը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորած այս ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Էտվին Կալիպօղլու։
Շաբաթավերջին նորոգ հանգուցեալ տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ, հանգուցեալի ընտանեկան դամբարանին մօտ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեանի եւ Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանի։
Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ զուգադիպեցաւ Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի վեցերորդ օրուան։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առթիւ կը շարունակէ Գումգաբուի մէջ ընդունիլ շնորհաւորութեան այցելութիւններ։ Այս ծիրէն ներս երէկ Պատրիարքարան այցելեցին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։