ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ
CELTA-ի մասնագէտներէն Ճենի Միլըրի մասնակցութեամբ, շաբաթավերջին Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը։ Դպրոցի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ համախմբեց համայնքային բոլոր վարժարաններէն անգլերէնի եւ հայերէնի խումբ մը ուսուցիչներ։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը, որ կազմակերպուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատենական կազմին համար։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ խմբավար Հրանդ Չիզմէճեան այս փուլին երգչախումբի տղոց նկատմամբ ցուցաբերեցին ջերմ վերաբերմունք։
Թոփգաբուի ընտանիքը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները ուրախութիւնը ունեցան նոր շրջանի մը սեմին իրարու հետ մէկտեղուելու եւ բարեմաղթանքներ փոխանակելու։
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Եշիլգիւղի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէ սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ թաղեցիներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր ստեղծուած էր տօնական մթնոլորտ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքը կը սգայ կորուստը Սիւզան Հատտէճեանի, որ վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի մէջ կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Սիւզան Հատտէճեան մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն էր, կողակիցը՝ «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ամանորեան տօնավաճառ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան՝ համախմբելով համայնքային շրջանակները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի 6-րդ դասարանէն խումբ մը սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Ժանէթ Թանտըրճըի եւ Լեռնա Գարագիւթիւքի։ Ամանորի սեմին զուգադիպած այս այցելութեամբ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յարկին ներքեւ տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Էսաեան վարժարանէն խումբ մը սաներ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու շրջանին այցելեցին Պէյօղլուի կարգ մը սրբավայրերը։ Այսպէս, իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ, տղաքը նախ ծանօթացան Սեն թ՚Անթուան լատին կաթոլիկ եկեղեցիին, ուր տեսան համապատասխան դաւանանքի աւանդութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած մսուրը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Շաբաթավերջին, թաղի վարժարանին ի նպաստ նախատեսուած է տարեկան հանգանակութիւնը՝ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան զուգահեռ։
Կեդրոնական վարժարանի սաները երէկ այցելեցին Անգլիոյ հիւպատոսարանը՝ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը շրջելու համար։ Աշակերտները հիւրընկալեցին նախագծի պատասխանատուները՝ Էվրիմ Քարաճան եւ Տենիզ Ճենկիզ։ Խումբին ուղեկցեցան Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Անի Փայլան։