Թրքահայ կեանք

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթեան վարժարանին մէջ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նախակրթարանի շրջանաւարտները ջերմօրէն շրջապատուեցան Ֆէրիգիւղի ընտանիքի պատասխանատուներուն, իրենց ծնողներուն եւ հիւրերու կողմէ։

ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԵՌՈՒԶԵՌ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 2024 թուականի ամրան խանդավառութիւնը սկսած է։ Անցեալ կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական տարեշրջանը եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան «Oxford University Press»ի կողմէ կազմակերպուած՝ ծրագիրներու միջազգային մրցակցութեան մը, որու արդիւնքով արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿՐԵՏԷԻ ԱՅԱ ԹՐԻԱՏԱ ՎԱՆՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը շարունակէ իր հովուական այցելութիւնը դէպի Կրետէ կղզի։ Երէկ, ան այս ծիրէն ներս այց մը տուաւ տեղւոյն Այա Թրիատա յունական վանքը։

ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան հունձքին։ Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուները, դպրոցի կրթական մշակներն ու անձնակազմը, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ողջունեցին երիտասարդները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Պէյօղլուի ընտանիքը ներկայ արձակուրդի շրջանին ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ գլխաւորուած ուխտաւորներու խումբին մէջ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան եւ իր գործակից ընկերները, իրենց ընտանեկան անդամներով հանդերձ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎՐԺ.ԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Դպրոցի տասնմէկ շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հրաժեշտի հանդէսը տեղի ունեցաւ համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ եւ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Տատեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էլիզ Էօղրէթ, կրթական մշակներ, Պաքըրգիւղի ընտանիքի յարակից մարմիններէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բազմաթիւ հիւրեր համախմբուած էին շրջանաւարտութեան հանդէսին առթիւ։

Էջեր