ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։