ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ
Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը, որ կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին հրապարակեց տեղեկագիր մը, որ պատրաստուած է հարցախոյզի մը հիման վրայ։ «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան ապագային արտացոլացումը» խորագրեալ այս տեղեկագիրը յիշեալ հարթակի տեղեկատուութեան խմբակի ջանքերով կը մատուցուի համայնքին։
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ կեանքի կոչուեցաւ ճոխ ծրագիր մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Շիշլի մարզակումբը 2024-2025 շրջանի աշխատանքներուն ձեռնարկած է ամբողջ թափով։ Ակումբը այս տարի ութ մարզաձեւերու մէջ, մօտաւորապէս 650 մարզիկով կը հետապնդէ իր յաւակնոտ նպատակները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։
Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ, Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին այս տարի կեանքի կոչուեցաւ հետաքրքրական ծրագիր մը, որ համախմբեց համայնքային հինգ լիսէներու սաները։ Այսպէս, անմոռանալի գրող Զաւէն Պիպէռեանի յիշատակին ձօնուած պատմուածք գրելու փառատօն մը կազմակերպուեցաւ, ինչ որ առիթ դարձաւ աշակերտներու ստեղծագործական ձիրքերու դրսեւորման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան տան խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունան եւ գործակից ընկերները։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի նոր եղանակի աշխատանքները սկսան ընթրիքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։