«ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ»
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութենէն Վիլմա Քարան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Նատին Վանլըօղլու-Թաշը։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան տան խնամակալութենէն Վիլմա Քարան եւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Նատին Վանլըօղլու-Թաշը։
Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը երէկ երեկոյեան խանդավառ համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» սրահին մէջ։ Երեկոյթը ձօնուած էր Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի հիմնադրութեան 95-ամեակի յոբելեանին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Շուէտի աւագ հիւպատոս Ճոհաննա Սթրէօմքուիստը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքիս Շուէտական հետազօտական կաճառի վարիչ Օլոֆ Հելլօ։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կ՚ընթանայ բազմակողմանի նախաձեռնութիւններով:
Ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան տեղեկացուց, որ բաւական հասունցած է Թոքաթլեան խանի արժեւորման ծրագիրը:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան աւանդական հաւաքը հերթական անգամ համախմբեց դպրոցի զանազան սերունդներէ սաները, որոնք թէ՛ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը ապրեցան եւ թէ ականատեսը դարձան իրենց հասած հաստատութեան ներկայ վիճակին։
Հոգեգալուստի տօնին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի կիզակէտին էին Պէյօղլուի արարողութիւնները։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ աւանդական շուքով։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի «Քիւլթիւր» համալսարանի համալիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ այս տարի սոյն համալսարանին նախաձեռնութեամբ արդէն իններորդ անգամ կազմակերպուած է պարի փառատօն մը, որ գեղարուեստասէր շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ յատկանշական օր մը ապրեցաւ հիւրընկալելով Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն խումբ մը։ Տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած էր «Հրանդ Տինք» դպրոցի խումբը, որուն բացի աշակերտներէն մաս կազմեցին նաեւ՝ ուսուցչուհիներ Գայիանէ Ռեւազեան, Անահիտ Կարապետեան եւ Լիլիթ Պօղոսեան։
Յայտնի նկարիչ Գրիգոր Սահակօղլու ներկայիս կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Պէյօղլուի «Yapı Kredi» գեղարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Ներկան նկարագրել» անուանեալ այս ծրագրին ան մասնակցութիւն կը բերէ երեք ստեղծագործութիւնով։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ փոխ-ատենապետ Հերման Փորթագալեանի։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։