ԱՐՔՈՒՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՊԱԼԵԱՆ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին հերթական անգամ ոգեկոչուեցան արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի հոգելոյս անդամները, որոնց գործերը կը բնորոշեն Իսթանպուլի պատմական դիմագիծը։
Երէկ, Սամաթիոյ մէջ 2024-2025 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ՝ մինչ համայնքային շրջանակները համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Պատմական թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ յարակից Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը սարքուեցաւ կիրակնօրեայ արարողութիւններէն վերջ, որոնք տեղի ունեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացումը։ Միութեան վարչութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին երեկոյթի բոլոր մասնակիցները։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի տարեկան մատաղօրհնութեան, որ նախատեսուած է նոյեմբերի 17-ին։ Աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ գործակից ընկերները այցելեցին Պատրիարքարան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքը։ Ատենապետն ու իրեն գործակից ընկերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին պատմական քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ վերականգնման ընթացքին շուրջ։
Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւնները այս շրջանին զօրակցութեան շարժումի մը ձեռնարկած են՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Հոկտեմբերի 27-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ այս շարժումը պիտի ջանայ լայն աջակցութիւն ապահովել դպրոցին համար։
Օրթագիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր շրջանաւարտներու աւանդական օրը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Սարէրի եւ Շիրակ Աքքայայի։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Ալին Եիւճէլ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Այս առթիւ տղաքը երէկ համախմբուեցան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի։
Յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըր այս օրերուն Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ հերթական անհատական ցուցահանդէսով մը։ Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արէտ Կըճըրի նոր ցուցահանդէսին բացումը, որ համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։