ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանը, որու ընկերացան Պօղոս Չալկըճըօղլու եւ Լիանա Սահակեան-Էօզպիւլպիւլ։ Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալները խմբագրատունս այցելեցին հանրային կարծիքը լուսաբանելու առաջադրութեամբ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան կնքած է մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերները։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժինը նախընթաց օր կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ համախմբեց Է. եւ Ը. դասարաններու սաներն ու ծնողները։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս մէջ։ Սա այս գիրքին համար կազմակերպուած հերթական շնորհանդէս մըն էր՝ քանի ցարդ աշխարհի զանազան հայաշատ կեդրոններուն մէջ արժեւորուած է այս գործը։
Համայնքային շրջանակները երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ ժամադրուած էին՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ս. Վարդանանց եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։
Յիսունեւիննամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սրբոյ Եկեղեցւոյ, երբեմնի քարոզիչն սուրբ եկեղեցեաց Ստանպոլայ, հոգեւոր հովիւն Սուրբ Կարապետ եւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցեաց Մարսէյլ քաղաքի...
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ։ Բօթը լայն արձագանգ գտած ու խոր ցաւ յառաջացուցած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունին, որ այս օրերուն կը գտնուի քաղաքս։ Շահան Արծրունի այս անգամ բարենպատակ ծրագրի մը համար Իսթանպուլ կ՚այցելէ եւ, ինչպէս միշտ, կեցութեան առիթը ծառայացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը ողջունելու։
Երէկ, Պաքըրգիւղի մէջ կրկնուեցաւ «Զահրատ-100» հատընտիրին շնորհանդէսը։ Անմոռանալի բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուած է այս հատորը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ։