«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Եդուարդ Թովմասեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ վերածուեցաւ իր վայելած համատարած սիրոյ ու համակրանքի վառ դրսեւորման։
Պէյօղլուի ընտանիքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց հոգեբոյժ փրոֆ. Եանքը Եազկանը, որ Թուրքիոյ յառաջատար մասնագէտներու շարքին կը դասուի՝ կրթադաստիարակչական գծով։ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի եւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ասուլիսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը։ «Հոգւոյս գոյները» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, որոնք կը համակրին Պերճուհի Պէրպէրեանի ստեղծագործութեան։
Թերթս հրատարակութեան յանձնելու պահուն խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է «Արաս» հրատարակչատան հիմնադիրներէն Եդուարդ Թովմասեան, որ տասնամեակներէ ի վեր այդ կառոյցի սիւներէն հանդիսացած էր։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլն ու հաստատութեան այլ պատասխանատուները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց «Eski İstanbul Sesleri» խումբի ներկայացուցիչները, որոնք փութացած էին մօտալուտ համերգի մը հրաւէրը ուղղելու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճին, որու ընկերակիցներու շարքին էր վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը։
Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ ձօնուած էր Մարդու իրաւանց համաշխարհային օրուան։ ԱՔ կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը՝ հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երկուշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորի ընդառաջ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ առիթ դարձաւ ոգեւորութեան։