ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՋՐԱՅԻՆ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ «ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹՐԻՔ»
Գնալը կղզիի ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ համախմբեց բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ փոքրամասնութեանց շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ «Բարեկամութեան ընթրիք» կոչուած էր այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ եւ բարձր տրամադրութիւն։