ՆԱՌԼԸԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց մեր այս գողտրիկ սրբավայրի արարողութիւններուն՝ մինչ իսկապէս բարձր տրամադրութիւն ստեղծուած էր։