Թրքահայ կեանք

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԲՈԼՈՐ ՃԻՒՂԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՒԱԿՆՈՏ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԵՆ

Շիշլի մարզակումբի մարզիկները բոլոր ճիւղերուն մէջ կը շարունակեն իրենց մրցակցութիւնը։ Թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային մարզաձեւերու մէջ ակումբին կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնները արդէն կայուն հունի մը մէջ են։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջերս հանդէս եկաւ միջվարժարանային մարզական նախաձեռնութիւնով մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Այսպէս, Տատեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ եռօրեայ՝ ֆութսալի եւ վոլէյպոլի մրցաշարք մը։

ՍԻՊԻԼ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Աւստրալիա։ Իր ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հրաւէրով։

ԴԱՏԱՎՃՌԻ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄ ԵՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ գտած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վերջին ընտրութեան առ ոչինչ համարման վերաբերեալ դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած յայտնի վճիռը։ Պատկան առաջին ատեանը միջոց մը առաջ արձակած էր դատավճիռ մը, որով այդ պահանջը մասամբ բաւարարուած էր։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼԷ ՎԵՐՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպօղլուի։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԻ ՆՈՒՊԱՐ ՊՈՅԱՃԸՕՂԼՈՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուն, որ պատրաստած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանական համակարգ մը՝ կառուցուած «Մեթա»ի «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շուրջ շաբաթ մը։

ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Իսթանպուլի կուսակալը երէկ այցելեց Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր տեսակցեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Տավուտ Կիւլի նկատառման յանձնեց՝ փոքրամասնութեանց համայնքային հիւանդանոցներու առկախեալ ընտրութեան հարցը:

Էջեր