ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թոփալեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ երէց Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։
Bu topraklarda yüzyıllardır yaşayan Ermeni toplumu, bu ülkenin köklü ve ayrılmaz bir parçasıdır. Bu kadim halk, tarih boyunca bu topraklara kültürel, ekonomik ve toplumsal açıdan önemli katkılarda bulunmuş, bugün de aynı kararlılıkla varlığını sürdürmektedir.
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին յանձնուեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անցեալ տարուան գործունէութեան տեղեկագիրը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Ս. Մարիամ Աստուածածնի Աւետման տօնը։ Քաղաքիս զանազան եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս. Պատարագներ՝ ներառեալ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատուռը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ խորհրդանշական ու յուզումնախառն առիթով մը։ Այսպէս, «Մարալ»ի բարեյիշատակ հիմնադիր ողբացեալ Պենոն Գուզուպաշ ոգեկոչուեցաւ մահուան 40-րդ տարելիցին առթիւ։
Պատրիարքական Աթոռը Մեծ պահոց նուիրական շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ գաւառի հայութիւնը։ Վերջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Պատիրարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան այցելեցին Տիարպաքըր, ուր իրենց միացաւ նաեւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Երէկ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան:
Պոլսահայ սանուց միութիւններու համատեղ կարեւոր ծրագիրներէն գիտական մրցոյթը այս տարի եւս արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն։ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուց միութեան հիւրընկալմամբ, երէկ երեկոյեան, թաղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի աւարտականը։
Երէկ, Համաշխարհային օթիզմի օրուան առթիւ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց նորաստեղծ «Յոյս» խմբակը, որու գործունէութիւնը հետամուտ է մեր համայնքի յատուկ խնամքի կարօտ անդամներու եւ անոնց ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։
Ս. Քառասուն Մանկանց տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ պոլսահայ եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս նորաօծ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։