ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՔԱՂԱՔԻՍ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՅԱՐԱՆՈՒԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհը սկսած է նշել Ս. Ծնունդը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս մեծ տօնին առթիւ երէկ այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս կարգ մը քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր կեդրոնները։