ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՕՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած՝ երկիրներու ներկայացման օրը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի նախակրթարանի տղաքը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը՝ իրենց ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Նաթալին Պոզ Եըլմազն ու Նատին Պէրպէրեանը։
Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու սանուց միութիւնները շաբաթավերջին վոլէյպոլի փառատօն մը կազմակերպեցին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Մրցումները տեղի ունեցան Սահակեան-Նունեան վարժարանի պարտէզին մէջ:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ մագնիսացուց համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանի առընթեր Ֆուլիայի «Սիւլէյման Սեպա» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ազգային մեծ ժողովէն բազմանդամ պատուիրակութիւն մը շաբաթավերջին այցելեց Պատրիարքարան:
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք վեցերորդն էին իրենց նմաններու շարքին։ Գումգաբուի ընտանիքը այս միջվարժարանային մրցաշարքը կազմակերպած էր՝ Թուրք ուղեղի խումբի հետ համագործակցութեամբ։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Մայրերու օրը նշուեցաւ՝ թաղային խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի կողմէ կազմակերպուած անմիջական հաւաքոյթով մը։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ նախաճաշ մը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան ջանքերով կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը, որ արտասովոր խանդավառութեան բեմահարթակը հանդիսացաւ։ Փոքրիկներուն հանդէսը ունէր նաեւ վաղուան Մայրերու օրուան յատկացուած բաժին մը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ հետաքրքրական փառատօն մը։ «Naker» փառատօնը մասնակից աշակերտներուն առջեւ ճանապարհ կը հարթէր՝ երեւակայութենէ դէպի իրականութիւն։