ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏԻՐԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց երիտասարդ դաշնակահար Պարէտ Չաղլըչուպուքճուն, որու վերջին շրջանին արձանագրած վերելքը մեծ ուրախութիւն կը ստեղծէ համայնքային կեանքէն ներս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն՝
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը, որով ոգեկոչուեցաւ անմոռանալի բանասէր Գէորգ Փամպուքճեան, որ իր հետազօտութիւններով ու ծաւալուն ուսումնասիրութիւններով անջնջելի հետք մը թողած է պոլսահայ արդի տարեգրութեանց մէջ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ոգեւոր ձեռնարկ մը, որով նշուեցաւ Համաշխարհային անգլերէնի օրը։ Անմահ Շէյքսփիրի ծննդեան օրուան կը համընկնին ամէն տարի այս ձեռնարկները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին տասներորդ դասարանի աշակերտներէն Ինեսսա Եըլմազ, Հենա Տեմիրճի, Միքայէլ Յովհաննէսեան եւ Արի Սիվազլը, որ աւարտած է վարժարանը ու կը յաճախէ համալսարան, որոնց ուղեկցեցան ուսուցչուհիներ Ժպտուն Զուռնաճը եւ Լիանա Պենլի։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին կողմէ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ երաժշտական փառատօն մը։ Վերջին տարիներուն աւանդական դարձած ծրագիրը այս անգամ ձօնուած էր ֆրանսահայ անմոռանալի երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմին համար շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը, որու ընթացքին բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տուին նորոգ հանգուցեալ բազմավաստակ լուսանկարիչ, պոլսահայ մամլոյ երախտաշատ սպասաւոր Տիգրան Թոփալեանին, որու կորուստը վերջին օրերուն ստեղծեց մեծ տխրութիւն։
Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ համախմբեց մշակութասէրներ եւ հետաքրքիրներ։
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ բացառիկ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Այսպէս, տարեկան համախմբումը բացառիկ հնարաւորութիւն մըն էր՝ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտները ի մի բերելու համար։