ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ գիշեր Հայաստան մեկնեցաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Նորին սրբազնութիւնը երէկ գիշեր Հայաստան մեկնեցաւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիսապետեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։ Պատարագիչն էր Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նախաճաշերը կը շարունակեն համախմբել հաստատութեան զանազան սերունդներէ սաները։ Երկու շաբաթը անգամ մը դպրեվանքցիները ի մի կու գան սանուց միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ։
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեամբ նշեց Ս. Թարգմանչաց տօնը։ Այս տարուան տօնակատարութիւնները արտասովոր իմաստ մը կը ներկայացնէին Թոփգաբուի ընտանիքին տեսակէտէ, որովհետեւ բնորոշեցին թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որու ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը համազգային շուքով կը նշուի այս տարի։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Հերմինէ Պենլիօղլուն եւ Արամ Կոստանեանը, որոնք մեզի բացատրութիւններ տուին այս ծրագրին շուրջ։
Gündeme ilişkin sorulara basın, sosyal medya ve halk toplantılarında verdiğim yanıtlar, giderek başka detayları da halkımıza belgelerle aktarmayı gerekli kılmıştır.
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ 2019-2020 շրջանի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են եւ առաջին իսկ քայլափոխէն առիթ դարձած՝ աննախընթաց ոգեւորութեան։ Ակումբը այս տարի եւս կը կազմակերպէ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի դասընթացքներ։
Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ տեղապահը կը շարունակէ իր ասուլիսները՝ թաղէ թաղ այցելութիւններով:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց իր համակիրներուն հետ՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ յարակից սրահի երդիքին տակ:
Ruhani biraderim, Patrik Kaymakamı Episkopos Sahak Maşalyan bugün sosyal medyada bir açıklama yapmış. Konu malum: Patrik seçimi sürecinde talimatname gereği yurtdışında bulunan adaylara konulan engel.