ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Գարակէօզեան Տան խումբ մը սաներ երէկ այցելեցին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ ուղեկցութեամբ իրենց հայերէնի ուսուցիչներուն։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ եւ անոր նպատակն էր աշակերտներուն ծանօթացնել Ս. Թագաւոր եկեղեցին՝ պատմութիւնով եւ առաքելութիւնով հանդերձ։