ԱՆՑԱՆՔ ԱՌԱՋ
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս տրամաբանական նախընտրութիւն։
Գումգաբուի մէջ երէկ կազմակերպուած լայնախարիսխ խորհրդակցութենէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմինը որոշած է ճանապարհը շարունակել պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեամբ։ Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան թեկնածուներու եռանուն ցանկը արդէն ուղարկած է կուսակալութեան։
Ըստ Քէօլէդաւիթօղլուի, Ներքին գործոց նախարարութեան շրջանակները կանաչ լոյս չեն վառած վերանայման պահանջի մը համար։