ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Այդ մէկը Խորհրդակցական մարմնի 2018 թուականի վերջին նիստն էր։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի ժողովին։ Այդ մէկը Խորհրդակցական մարմնի 2018 թուականի վերջին նիստն էր։
Այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած Ամանորի աւանդական քէրմէսը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թէ՛ ծնողաց միութիւնը եւ թէ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբը բծախնդիր պատրաստութիւններ տեսած էին եւ այդ ամբողջ աշխատանքը արդարացաւ քէրմէսի արժանացած վառ հետաքրքրութիւնով։
Մօտալուտ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան նախօրեակին Գումգաբուի մէջ ստեղծուած է տօնական մթնոլորտ։ Այսպէս, ըստ աւանդութեան, այս տարի եւս Պատրիարքարանի տօնածառը զարդարուեցաւ, ինչ որ կ՚ազդարարէ տօնական շրջանի սկիզբը։
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի գլխաւոր կազմը ներկայ եղանակի սկիզբին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Առաջին չորս խաղերէն երեք յաղթանակ ապահոված են շիշլիցիները։
Ամանորի սեմին Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը, որով ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Երէկ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որու ընթացքին ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած տօնական շրջանի բնորոշ իրեղէնները արժանացան այցելուներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ՃՀՓ-ի Շիշլիի մասնաճիւղէն ներկայացուցիչներ։ Հիւրերուն ընկերացաւ մեր ազգայիններէն Նուրհան Փալաքօղլու, որ եւս տեղական ինքնակառավարման մարմիններէ ներս ծաւալած գործունէութեան բերումով կապի մէջ է ՃՀՓ-ական շրջանակներուն հետ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ։ Տարեկան ընթացիկ հանգանակութեան զուգահեռ ազդարարուեցաւ նաեւ թաղի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին նուիրուած յոբելենական շրջանի սկիզբը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։ Թաղային խորհուրդը յուշանուէրներ պատրաստած էր նորոգութեան ծրագրի աջակիցներուն համար։ Ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր շեշտը դրաւ կրթական կեանքէ ներս որակական ոստումի մը անհրաժեշտութեան վրայ։
Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին համերգ մը տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ այլք։ Ձեռնարկի հովանաւորն էր մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլ։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ Գումգաբուի մէջ մեծարեց մեր համայնքէն կրթական մշակներ։ Այսպէս, «Պէզճեան» սրահին մէջ համախմբուեցան համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներ, տնօրէններ եւ ուսուցիչներ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեր կրթական կեանքի նուիրեալներուն հետ համախմբուեցաւ ընդունելութեան սեղաններու շուրջ։
Երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ մեր համայնքի նոր սերունդին ուղղեալ ժամադրութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ ամառ Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբը աշխատանքի լծուած է Խորհրդակցական մարմնին առընթեր։