«ՊԻԼԿԻ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ
Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի առընթեր գործող Օրթագիւղի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հետազօտութիւններու ընկերութիւնը այս շաբաթավերջին գիտաժողով մը կը կազմակերպէ Իսթանպուլի «Պիլկի» համալսարանին մէջ։ Երկօրեայ այս միջազգային գիտաժողովը խոշորացոյցի տակ կ՚առնէ համաշխարհայնացման տեսանկիւնէն Օսմանեան կայսրութիւնն ու հայերը՝ մանաւանդ մշակոյթի եւ տնտեսութեան բնագաւառներու մէջ։