ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մշակութային ձեռնարկ մը՝ ի յարգանս Պալեան ընտանիքին։ Օսմանեան շրջանի արքունի ճարտարապետներու այս գերդաստանի ներկայացուցիչներուն ծաւալած գործունէութիւնը եւ թողած աւանդը հերթական անգամ արժեւորուեցաւ այս ձեռնարկի ընթացքին։
«Փարոս» ամսագրի հիմնադրութեան ութերորդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ կազմակերպուած նկարչական ցուցահանդէսով մը։ Յունաստանի հիւպատոսարանի առընթեր «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս ցուցահանդէսը։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի խորհրդական Գէորգ Պետրոսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս, երէկ հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Իրեն ընկերացաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, երէկ, քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն եւ քարոզխօսութիւն։ Օրուայ պատուոյ հիւրն էր թաղեցի բարձր ճարտարապետ Նշան Եաղուպեան։ Ներկաներու շարքին էին եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ մեծարեալի անմիջական բարեկամներէն Տքթ. Ժիրայր Ճամկէօզեան։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ, որոնցմով եզրափակուեցան Ս. Թարգմանչաց տօնի շրջանին նախատեսուած գործունէութիւնները։ Այսպէս, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ թաղի հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Արժանթին։ Ան առաջին անգամ կը մեկնի Հարաւային Ամերիկայի ցամաքամասը՝ համերգ մը տալու համար։
Երէկ, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու աւարտին նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 19-րդ տարեդարձը։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ խանդավառ օր մը։ Քաղաքի զանազան թաղամասերէն փութացած հաւատացեալներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էին Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։
Եշիլգիւղի վարժարանի 7-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Հայերէնի ուսուցչուհի Անի Գալայլըի եւ գիտութեան ուսուցչուհի Գլոտիա Տեմիրի հսկողութեան ներքեւ տղաքը իրականացուցին այս պտոյտը։