ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական հանդիսութիւններ՝ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց արարողութիւններուն: Պատարագեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: Պատուոյ հիւրն էր Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ հոգաց մատաղօրհնութեան բոլոր ծախսերը: Ներկայ էր նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ: Աշակերտներ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով: