ԱԹՈՌԻ ԱՌՋԵՒ ՀԱՐՑԵՐ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Խորհրդակցական մարմնի հերթական ժողովին:
Պէյքոզի գումարներու արժեւորման եղանակներուն շուրջ առաջին անգամ պաշտօնապէս տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Գումգաբու: Դպրեվանքի խնամակալութիւնը Պատրիարքարանը տեղեակ պահած չէ իրեն հասած վերջին հատուցման շուրջ: Հայկ Ասլանեան, Նշան Քարա եւ Խաչիկ Ճանէլ նուիրատուութիւններ կ՚ընեն՝ Կեդրոնականի Տոլափտերէի տարածքի արժեւորման նպատակով: