ՊԱՐԹԵՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ՝ ԷՍԱԵԱՆ-ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ ԱՌԹԻՒ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի երգիչ Պարթեւ Կարեան համերգի մը համար հրաւիրուած է Նիւ Եորք։ Ծանօթ է, որ Պարթեւ Կարեան մեր համայնքէն ներս ամենասիրուած ու նախնտրուած մենակատարներէն մին ըլլալու առընթեր սփիւռքի մէջ ալ ունի իր համակիրներու շրջանակը եւ ամէն տարի զանազան առիթներով կը հրաւիրուի արտասահման։