ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏ
Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Էմմա Քիւլեկէչ շաբաթավերջին բռնեց յաւերժութեան ճանապարհը:
Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Էմմա Քիւլեկէչ շաբաթավերջին բռնեց յաւերժութեան ճանապարհը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ մշակութային յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային բառախաղին առթիւ։ Համայնքային 14 միջնակարգերէն եւ 5 լիսէներէն աշակերտական խումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ յետ անողոք երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Գատըգիւղի ընտանիքի շատ սիրուած դէմքերէն Յակոբ Արապեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր անողոք հիւանդութեան հետեւանքով բժշկական հսկողութեան տակ կը գտնուէր Յակոբ Արապեան, որուն համար ի սպաս դրուած խնամքը այլեւս մնաց անբաւարար եւ ան իր աչքերը փակեց կեանքին հիւանդանոցի մէջ։
Հայաստանի Բիւրեղաւանի Արուեստի դպրոցի սաներ՝ գլխաւորութեամբ իրենց առաջնորդ Վարդան Վարդանեանի եւ դպրոցի տնօրէն Նարինէ Զաքարեանի, երէկ այցելեցին Պատրիարքարան, ուր յանուն Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, ընդունուեցան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի տղաքը երէկ այցելեցին Հէյպելի։ Այս ոգեւոր պտոյտին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը վերջերս յաջողեցաւ բարձրանալ Թուրքիոյ Բ. լիկը։ Գոնիայի մէջ տեղի ունեցաւ 2018 թուականի Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկի մրցաշարքը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի շատ սիրուած դէմքերէն Էմմա Քիւլեկէչ կնքած է իր մահկանացուն՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։ Սա անժամանակ մահ մըն է, որ վրայ հասած է անողոք հիւանդութեան հետեւանքով։ Էմմա Քիւլեկէչ մեր համայնքային կեանքէն ներս շատ լայն շրջանակներու համակրանքին առարկայ դարձած անձնաւորութիւն մըն էր։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ, վերջին շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան ամրան դասընթացքներ։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու ուշադրութեան եւ առիթ կը հանդիսանայ խանդավառութեան։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց արժանթինահայ «Գայիանէ» պարախումբը։ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու պարախումբերու պատասխանատուներու եւ պարողներու ջերմ հանդիպումը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի քաղաքիս մէջ հիւրընկալել արժանթինահայ «Գայիանէ» պարային համոյթը։ Այսպէս, «Գայիանէ» համոյթը դէպի Հայաստան ուղեւորութեան ճանապարհին այս շաբաթավերջին կարճ դադար մը պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։