Մարգար Էսաեան եւ Կարօ Փայլան վերընտրուեցան երեսփոխան
Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Ազգային մեծ ժողով մուտք գործել յաջողեցան Մարգար Էսաեան եւ Կարօ Փայլան։ Այս վերջիններու վերընտրութիւնով կը շարունակուի խորհրդարանէ ներս հայազգի երեսփոխաններու գոյութեան նախընթացը։