ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ
2017-2018 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլը Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն ներս բնորոշուեցաւ զանազան ձեռնարկներով ու պտոյտներով։ Դպրոցէն ներս տեղի ունեցած ձեռնարկներու ծիրէն ներս՝ 4-րդ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները։