ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտ սաներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը, որ ստեղծեց յուզումնախառն մթնոլորտ։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու ընթացքին 2017-2018 տարեշրջանի ընթացաւարտները շրջապատուեցան ջերմօրէն։