Թրքահայ կեանք

ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՍԱՐԻ Ս. ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱՆԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց հաւաքոյթ մը։ Ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ամառնամուտի շրջանին համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպած էին այս հաւաքոյթը։

ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի անդամները՝ գլախաւորութեամբ ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Կայանի պատասխանատուները Պատրիարքարան այցելեցին՝ նորին սրբազնութիւնը պաշտօնապէս հրաւիրելու համար եղանակի բացման պաշտօնական հանդիսութեան, որ նախատեսուած է 1 Յուլիս 2018, Կիրակի։

ԳԱՏԳԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԲԱՑՈՒՄ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Էջմիածնի տօնին առթիւ, հովանաւորութեամբ՝ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Եկեղեցւոյ հոգեւարականաց դասը նկատելով օրուայ ազգային-եկեղեցական նշանակութիւնը եւ երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարքի վախճանման 100-ամեակը, որոշած էին Արամեան սանուց միութեան հետ գործակցաբար կազմակերպել ցուցահանդէս մը։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները։ Իրենց կ՚ընկերանար հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլու։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ նախակրթարանի բաժնի շրջանաւարտներուն համար հանդէս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Լիզա Սէրճէնեանի եւ Էտըմ Եթէրօղլուի։

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան համերգը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր վիրապէ ելքի տօնակատարութիւնները առիթ հանդիսացան՝ որպէսզի զանազան թաղերէ հաւատացեալներ համախմբուին Գուզկունճուքի մէջ։ Շաբաթ օրուան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։

ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու տարեկան հաւաք, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Բացի Գալֆաեանէն, Սկիւտարի երբեմնի վարժարաններուն՝ Սէմէրճեան Ճեմարանի եւ Ներսէսեան-Երմոնեանի սաներն ալ մասնակցութիւն բերին այս բացօթեայ հաւաքին։

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի չոր­րորդ դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հին մէջ։ Տղա­քը ներ­կա­յա­ցու­ցին ճոխ յայ­տա­գիր մը ար­ժա­նա­նա­լով ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։

Էջեր