Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԵԾ ՀԱՒԱՔԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒՆ
Ծաղկաձորի մէջ կը շարունակուի Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական երիտասարդաց հաւաքը՝ բարձր հովանաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ «Դէպի Հայաստան, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով կազմակերպուած հաւաքը այս շաբաթավերջին իր աւարտին պիտի հասնի։