ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ՁՕՆՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ այն ձեռնարկներու շարքը, որ կեանքի կոչուեցաւ օգոստոսի վերջին շաբթուան տեւողութեան։ Օգոստոս ամսուան վերջին շաբթուան բոլոր օրերուն Գնալը կղզիի բարձունքին տեղի ունեցան մեր հաւաքական կեանքին, մեր մշակութային կեանքին տեսակէտէ յատկանշական զանազան ձեռնարկներ։