ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՌԱՏԻՈՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի Հանրային ռատիոյի ընդհանուր տնօրէն Մարկ Գրիգորեանն ու իր օգնականը՝ Անի Մինասեանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, Մարկ Գրիգորեան եւ Անի Մինասեան շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէին քաղաքիս մէջ։