ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԽՈՒՄԲԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ վերադարձին վերջին օրերուն շարք մը հիւրեր ընդունեց Գումգաբուի մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի մէջ տեղակայուած Vartan Collection արծաթեայ զարդերու խանութը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը։ Vartan Collection-ի հիմնադիրն է արծաթագործ երիտասարդ վարպետ Վարդան Յովհաննէսեան, որ իր յաճախորդներուն կը ներկայացնէ ձեռակերտ գործեր։
Սիրոյ սեղանները ընթացքի մէջ՝ մեր վարժարաններու յարատեւութեան տեսլականով:
TÜYAP-ի Պէյլիքտիւզիւի համալիրէն ներս այս շաբաթավերջին պիտի բացուի Իսթանպուլի 35-րդ գիրքի տօնավաճառը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։ Տօնավաճառին այս տարի եւս կը մասնակցի «Արաս» հրատարակչութիւնը, որու տաղաւարը պիտի գտնուի համալիրի երրորդ սրահէն ներս՝ 603 D։
Հունգարիոյ Տեպրէճէն քաղաքին մէջ Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս հերթական անգամ մասնակցեցան «Էրասմուս» ծրագրին շրջագծով աշխատանքի մը։ «Եւրոպական աշխատանքային շուկայ երիտասարդներու համար» խորագրեալ նախագծին մասնակցութիւն բերին Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան, Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, Սելին Պապասըզ եւ Թալիա Կեւիք։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին առընթեր գործող Մշակութային ձեռնարկներու յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ վերջերս թաղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոմանք» խումբին համերգը։
Այս տարի Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձմրան դասընթացքներուն մասնակցութիւն կը բերէ 450 աշակերտ:
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէնը վերադարձաւ:
Համայնքային շրջանակները գործնական զօրակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Իսթանպուլահայ սանուց եւ հայրենակցական միութիւններու համատեղ նախաձեռնութեամբ երէկ Օրթագիւղի մէջ տեղի ունեցաւ աշնան բացօթեայ հաւաք մը։ «Ոսկի աշուն»ի աւանդութիւնը տեւականացնելու եւ ձմեռնամուտը միասնաբար ողջունելու տեսանկիւնէն հաճելի նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը, որու նախընթացը ձեւաւորուած է տարիներէ ի վեր։