ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ ժամադրուած էին՝ ի նպաստ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի առթիւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիրը ծնողաց միութեան նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Քէրմէսին պատրաստուած էին ձեռագործ իրեղէններ։ Դպրոցի համակիրները տաղաւարները այցելելով ըրին գնումներ եւ գոյացած հասոյթը յատկացուեցաւ հաստատութեան։
Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին «Մարմարա» կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած սքրապլի մրցաշարքին շրջագծով։ Մայր վարժարանը ներկայացուցին՝ Արսէն Քապէ, Սեսիլտա Քարափեքմէզ, Նատին Մազմանլըօղլու, Գարուն Արսլան եւ Ռինա Աքպաշ։
Ցաւով տեղեկացանք, որ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը կը սգայ իր երիցագոյն անդամներէն մէկուն կորուստը։ Ոչ եւս է Տքթ. Յովհաննէս Եշիլթեփէ, որ եղած է վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն մին։
Ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան վերջերս այցելեց Պէզճեան Մայր վարժարան։ Ան հերթական անգամ քննութեան ենթարկեց աշակերտներու ատամները։ Զգացական խոր նշանակութիւն ունէր այս այցը, որովհետեւ մասնագէտն ալ անցեալի մէջ եղած էր Պէզճեան Մայր վարժարանի սաներէն մին։
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութիւնը «Արմէնփրէս» եւս երէկ անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռի հաւաքածոյէն կորսուած իւղանկարի հարցին։ Գործակալութիւնը մատնանշած է, որ երկրի Քննչական վարչութիւնը այս հարցին շուրջ որպէս վկայ ունկնդրած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, որոնք մեր այցելութեան փութացին՝ շաբաթավերջին նախատեսուած Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ընդառաջ։ Այսպէս մեր հիւրերն էին՝ Եւգինէ Վանլը, Նուրհան Սուճեան եւ Եդուարդ Պալճը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Թանիա Պալճըն։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Ամանորի ընդառաջ աւանդական քէրմէսի նախապատրաստական աշխատանքները թափով կ՚ընթանան ի նպաստ Մէրամէթճեան վարժարանի։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Սպանիոյ դեսպան Ռաֆայէլ Մենտիվիլ Փէյտրոն։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքի մասին։